image

Պաշտօնէն ազատուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ՝ Տիրան Խաչատրեանը

Պաշտօնէն ազատուած է ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալ՝ Տիրան Խաչատրեանը

 

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Տիրան Խաչատրեանը ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալի պաշտօնէն ազատելու մասին։ 

 

Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։ 

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասի.
Տիրան Խաչատրեանին ազատել Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետի առաջին տեղակալի պաշտօնից»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ։