image
Հրատապ լուրեր:

Թունիսի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է 11 ամիսով՝ մինչեւ յառաջիկայ 31 դեկտեմբերը

Թունիսի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է 11 ամիսով՝ մինչեւ  յառաջիկայ 31 դեկտեմբերը

Թունիսի նախագահ Քաիս Սաիտը երկարաձգած է երկարատեւ արտակարգ դրութիւնը 11 ամիսով՝ մինչեւ դեկտեմբեր 31-ը:

Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում ընելով պաշտօնական տեղեկագրին:

Հիւսիսափրիկեան երկիրը արտակարգ դրութեան մէջ է 2015 թուականէն՝ յարձակման հետեւանքով նախագահի քանի մը անվտանգութեան աշխատակիցներու սպանութենէն ետք: