image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ կառավարութեան աշխատանքը կրկին մասնակիօրէն կասեցուած է ֆինանսաւորման բացակայութեան պատճառով

ԱՄՆ կառավարութեան աշխատանքը կրկին մասնակիօրէն կասեցուած է ֆինանսաւորման բացակայութեան պատճառով

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատանքը կրկին մասնակիօրէն կասեցուած է յունուար 31-ին ֆինանսաւորման բացակայութեան պատճառով։

Նոր շաթտաունը տեղի ունեցած է, երբ Մինեսոթա նահանգի մէջ սպանութիւններէն ետք դեմոկրատ ծերակուտականները հրաժարած են քուէարկել օրինագիծի օգտին, որ թոյլ կու տայ շարունակել ներքին անվտանգութեան նախարարութեան ծախսերը:

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չէ հասցուցած համաձայնեցնել պիւտճէն մինչեւ սահմանուած ժամկէտի աւարտը՝ յունուար 30-ը: Շարք մը դաշնային գերատեսչութիւններու աշխատանքը եւս դադրեցուած է։

Ամերիկեան լրատուամիջոցները կը գրեն, որ շաթտաունը պիտի յաջողի յաղթահարել յաջորդ շաբաթուան սկիզբը։