Օրերս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Համայնքի պատուիրակութեան եւ Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուած է Հայ Ծերանոց, ուր հանդիպում ունեցած է Հայ Ծերանոցի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալ Մարմինին հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրուական առաքելութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Համայնքի պատուիրակութեան եւ Ընկերային Ծառայութեան Յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ, այցելութիւն տուաւ Հայ Ծերանոց։
Այցելութեան ընթացքին Վերապատուելին հանդիպում ունեցաւ Հայ Ծերանոցի Տնօրէնութեան եւ Խնամակալ Մարմինին հետ՝ բարձր գնահատելով անոնց նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ իրականացուցած առաքելութիւնը՝ հայ ծերունիներուն խնամքին եւ արժանապատիւ կեանքի ապահովման ուղղութեամբ, մանաւանդ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ։
Այնուհետեւ Վերապատուելին այցելեց ծերունիներուն առանձնասենեակները, մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց առողջական եւ կենցաղային վիճակով, լսեց անոնց մտահոգութիւններն ու ապրումները եւ հայրական սիրով փոխանցեց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան օրհնաբեր բարեմաղթութիւնները՝ մաղթելով խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ հոգեկան մխիթարութիւն։
Այցելութեան աւարտին Համայնքապետ Վերապատուելին բոլոր ծերունիներուն բաժնեց նուէրներ՝ գորգեր, իբրեւ խնամքի, յարգանքի եւ համայնքային շարունակական ներկայութեան ջերմ արտայայտութիւն։




