image

Պոլիս. Շանթ Մարաշլեան նշանակուած է «Ֆլօ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն 

Պոլիս. Շանթ Մարաշլեան նշանակուած է «Ֆլօ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն 

Պոլսոյ համայնքին ծանօթ դէմքերէն Շանթ Մարաշլեան նշանակուած է Թուրքիոյ մէջ կօշիկի ու կաշեղէն ապրանքներու առաջատար արտադրողներէն մէկուն՝ «Ֆլօ» ընկերութեան գործադիր նոր տնօրէն։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք որ մեր համայնքին ծանօթ դէմքերէն Շանթ Մարաշլեան նշանակուած է Թուրքիոյ մէջ կօշիկի ու կաշեղէն ապրանքներու առաջատար արտադրողներէն մէկուն՝ «Ֆլօ» ընկերութեան գործադիր նոր տնօրէն (ԺԴՃ)։ Ենալ Կէօքեըլտըրըմ, որ պաշտօնը ստանձնած էր 2023ին, երկու տարուայ աշխատանքէն ետք որոշեց հեռանալ։ Գործադիր տնօրէնի պաշտօնը վստահուեցաւ Շանթ Մարաշլեանին, որու թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ընկերութեան անձնակազմին կողմէ։

Մարաշլեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 2026էն սկսեալ։ «Ֆլօ կրուփ» ընկերութեան վարչութեան նախագահ Մեհմէտ Զիլան, խօսելով նոր նշանակման մասին, ըսաւ որ պահեց իր խոստումը եւ դուրսէն տնօրէն մը չբերաւ, ընտրութիւնը կատարեց թիմի ներսէն։ «Շանթ Մարաշլեան որ երկար տարիներ մեծ ներդրում մը ունեցած է «Ֆլօ»ի յաջողութիւններուն մէջ, այսուհետեւ պիտի ղեկավարէ մեր ընկերութիւնը», ըսաւ Զիլան։

Շանթ Մարաշլեան «Ֆլօ»ին միացած է 2002ին։ Գործի ասպարէզի 23 տարիներու ընթացքին ան ստանձնած է ղեկավար պաշտօններ, իսկ մինչեւ այս կարեւոր նշանակումը, ան կը վարէր կօշիկի արտադրութեան ու դասաւորման կառավարման գծով գլխաւոր տնօրէնի օգնականի պաշտօնը։

Կը շնորհաւորենք Շանթն ու յաջողութիւն կը մաղթենք այս պատասխանատու գործի գլուխ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ կողակիցը՝ Լիանան եւ որդին, նաեւ մեր սիրելի բարեկամներ Մարաշլեան ընտանիքի բոլոր անդամները։