image

«Խստօրէն կը դատապարտենք». Մայր Աթոռէն արձագանգ

«Խստօրէն կը դատապարտենք». Մայր Աթոռէն արձագանգ

Մայր Աթոռը խստօրէն կը դատապարտէ ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու բացայայտ խախտումներով իշխանութիւններու հերթական միջամտութիւնը Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, որով քրէական վարոյթ  նախաձեռնուած է եւ քրէական հետապնդում յարուցուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հոգեւորական անդամներու նկատմամբ՝ դատական որոշման կատարման խոչընդոտելու մեղադրանքով։

Ըսուած է Մայր Աթոռի յայտարարութեան մէջ։

Յունուար 31-ին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հոգեւորական անդամներուն ծանուցագրեր յղած են եւ պահանջած որպէս մեղադրեալ ներկայանալ Քննչական կոմիտէ, որ վերստին ակնյայտ վկայութիւն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ ձեռնարկուած արշաւի եւ հոգեւորականներու նկատմամբ իրականացուող բռնաճնշումներու։

Քրէական հետապնդման շրջածիրէն ներս արգելափակուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի եպիսկոպոս անդամներու ելքը երկրէն։ Այս դատապարտելի գործընթացը մեր պետութեան օրէնքներով եւ միջազգային պայմանագրերով ամրագրուած մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում է, որու նպատակն է խաթարել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բնականոն գործունէութիւնը, մասնաւորաբար առաջիկային Աւստրիոյ մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսական ժողովի աշխատանքները։

Մայր Աթոռը կոչ կ՚ընէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ իրաւապահ համակարգին գործելու բացառապէս ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջածիրէն ներս, արդարութեան եւ ճշմարտութեան բարձրագոյն սկզբունքներուն հաւատարմութեամբ եւ արգելու Եկեղեցւոյ ինքնավարութեան իրաւունքը։