Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը հերքած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւնները, թէ իբր Թուրքիոյ նախագահը որոշում կայացուցած է նիւթական օգնութիւն ցուցաբերել զոհուած հայ զինծառայողներու ընտանիքներուն։
Էրտողանի աշխատակազմի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Որոշ լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած այն պնդումները, թէ իբր նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը ստորագրած է որոշում՝ Հայաստանի տարածքի մէջ զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն, թոշակառուներուն եւ յատուկ խնամքի կարիք ունեցող ընտանիքներուն, հայաստանեան հասարակութեան խոցելի շերտերուն 10 միլիոն ամերիկեան տոլարի չափով նիւթական օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ, լիովին անհիմն են»։
Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմը կոչ ըրած է հասարակութեան չվստահելու Թուրքիոյ եւ թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու «դէմ ուղղուած» ապատեղեկատւութեան։