image

Սուրբ Ծննդեան շաբաթը Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ


Սուրբ Ծննդեան շաբաթը Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ


Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ․ տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան վարչական անձնակազմը, ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսանողները։


Ստորեւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած լրատւութիւնը։ 

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը ապրեցաւ տօնական մթնոլորտի մէջ․ տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան վարչական անձնակազմը, ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ ուսանողները։


17 Դեկտեմբերին, BT եւ TS ուսանողները մասնակցեցան Սուրբ Ծննդեան Սուրբ Պատարագին, զոր մատուցեց Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ Քեշիշեանը, տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, Արուեստիցի վարիչ պարոն Սերժ Հաննայի, ինչպէս նաեւ վարչական եւ ուսուցչական անձնակազմի ներկայութեամբ։ Ուսանողները խորհրդածեցին Ծննդեան խորհրդին մասին, եւ քահանային կողմէ հրաւիրուեցան բանալու իրենց սրտերը, որպէսզի Մանուկ Յիսուսը ծնի հոն եւ լեցնէ զանոնք սիրով ու յոյսով։


18 Դեկտեմբերին, CAP եւ BP ուսուցիչները պանիրի եւ գինիի հաւաքոյթ մը ունեցան եւ ուրախ պահեր կիսեցին պարոն Հաննայի հետ։

19 Դեկտեմբերին, BT եւ TS ուսուցիչները հաւաքուեցան ուսուցչարանը՝ պարոն տնօրէնին հետ Սուրբ Ծննդեան կարկանդակը կտրելու համար։ Այդ ուրախ մթնոլորտին մէջ անոնք փոխանակեցին առողջութեան եւ երջանկութեան սրտանց մաղթանքներ։