Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ համայնքի անձնակազմը, Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթներով շնորհաւորաանքի եւ փոխգործակցութեան ամրապնդման նպատակով այցելութիւն տուած են DORCAS կազմակերպութեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ համայնքի անձնակազմը այցելեցին DORCAS կազմակերպութեան Ամանորի եւ Ծնունդի առիթներով շնորհաւորանքի եւ փոխգործակցութեան ամրապնդումի նպատակով։
Հանդիպումը հանդիսացաւ գեղեցիկ առիթ՝ վերահաստատելու կողմերու փոխադարձ սէրն ու վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ համատեղ ծառայութեան պատրաստակամութիւնը։
Համայնքապետ Վերապատուելին բարձր գնահատեց DORCAS կազմակերպութեան մատուցած ծառայութիւններն ու աշխատանքը տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ ապա փոխանցեց խորհրդանշական նուէր՝ Հալէպի բաժինի տնօրէն Տիար Մուսա Աֆեսային, առ ի երախտագիտութիւն կազմակերպութեան տարած միասնական առաքելութեան, քրիստոնէական եղբայրակցութեան ու շարունակական համագործակցութեան։

