image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի ԱԳ փոխնախարարը եւ ԱՄՆ գոնկրեսի պատուիրակութիւնը քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը

Ատրպէյճանի ԱԳ փոխնախարարը եւ ԱՄՆ գոնկրեսի պատուիրակութիւնը քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էլնուր Մամետովը հանդիպած է ԱՄՆ գոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի պատուիրակութեան հետ:

Քննարկուած են ընթացիկ տարածաշրջանային իրավիճակը, օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու նշանակութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ խաղաղութեան համաձայնագրի հետ կապուած ձեռնարկուող միջոցները:

Անդրադարձ եղած է ԱՄՆ-Ատրպէյճան ռազմավարական գործընկերութեան պատմական փաստաթուղթի նախագիծին, ինչպէս նաեւ երկկողմ օրակարգի փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: