Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններուն անդրադարձը կը մատնանշէ այն ակնկալիքը, որ Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը պիտի փորձէ կամրջել պետական քաղաքականութիւնները սփիւռքեան իրականութեան հետ՝ յատկապէս Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, ուր հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել տնտեսական, քաղաքական ու անվտանգային բազմաթիւ դժուարութիւններու պայմաններուն տակ։ Այս իմաստով, դեսպան Պաղտասարեանի առաջին այցելութիւնը Կաթողիկոսարան կարելի է նկատել ազդակ մը՝ համագործակցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համազգային պատասխանատուութեան նոր էջ մը բանալու ուղղութեամբ։
Սագօ Արեան լրագրող-ի էջէն կը կարդանք՝
Օրերս Լիբանանի մէջ ՀՀ նորանշանակ դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեան ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ՝ Դալար Գազանճեան-Պաղտասարեանի այցելութիւն տուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարան եւ ընդունուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
Այս այցելութիւնը իր խորհրդանշական ու գործնական նշանակութեամբ կը տեղաւորուի Լիբանանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական նոր ներկայութեան մեկնարկային հանգրուանին մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի դերը լիբանանահայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր տարածաշրջանային եւ համասփիւռքեան ազդեցութիւնը, կը դարձնեն այս հանդիպումը աւելի քան արարողակարգային։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի շեշտադրումները Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի բարդ կացութեան եւ հայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ կը վկայեն, որ եկեղեցական ու դիւանագիտական կառոյցներու միջեւ շարունակական երկխօսութիւնը այսօր ունի ոչ միայն հոգեւոր, այլ նաեւ ազգային-կազմակերպչական կարեւորութիւն։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան–Սփիւռք յարաբերութիւններուն անդրադարձը կը մատնանշէ այն ակնկալիքը, որ Հայաստանի նորանշանակ դեսպանը պիտի փորձէ կամրջել պետական քաղաքականութիւնները սփիւռքեան իրականութեան հետ՝ յատկապէս Լիբանանի նման երկրի մը մէջ, ուր հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել տնտեսական, քաղաքական ու անվտանգային բազմաթիւ դժուարութիւններու պայմաններուն տակ։ Այս իմաստով, դեսպան Պաղտասարեանի առաջին այցելութիւնը Կաթողիկոսարան կարելի է նկատել ազդակ մը՝ համագործակցութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համազգային պատասխանատուութեան նոր էջ մը բանալու ուղղութեամբ։