image
Հրատապ լուրեր:

Ընտանեկան վէճի հետեւանքով մահացած է յաջողակ փաստաբան Գրիգոր Գույումճեանը

Ընտանեկան վէճի հետեւանքով մահացած է յաջողակ փաստաբան Գրիգոր Գույումճեանը

Լոս Անճելըսի մէջ գործող   յաջողակ փաստաբան Գրիգոր  Գույումճեան սպաննուած է  ընտանեկան վէճի հետեւանքով։

Դէպքին մասին  «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց   ամերիկեան աղբիւրներէ։

Կը նշուի,  որ  ըստ ոստիկանութեան տեղեկութիւններու, Գրիգոր ենթադրաբար սպաննուած է իր եղբօր կողմէ՝ Սուրբ Ծնունդի շաբաթավերջին տեղի ունեցած վէճի ժամանակ։ Գույումճեան, որ  33 տարեկան է եւ քաղաքացիական իրաւունքներու փաստաբան, շաբաթ օր, շուրջ ժամը 1։45-ին գնդակահարուած է իր տանը ՝ Նորթ Հիլզ  շրջանին մէջ։

Ոստիկանները շտապած են Նոբըլ պողոտայի 9000 թաղամասը՝ հրազէնի ձայներ լսելէն ետք։

Շտապօգնութեան մեքենայ մը հասած է դէպքի վայր, սակայն արդէն ուշ եղած է  փրկելու  համար Գրիգոր Գույումճեանի  կեանքը եւ վերջինս  մահացած է։ 

Ըստ «The Post»  հարթակին,   յաջողակ փաստաբանը գնդակահարուած է իր եղբօր հետ սուր վէճի  մը ընթացքին, որուն հետ ունեցած է բարդ ու լարուած յարաբերութիւններ, յայտնած է իր գործընկեր փաստաբան Ճոնաթըն Հէյտըրլայնը