image
Հրատապ լուրեր:

Պալթեան երկիրներու Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վազգէն Միրզախանեան Թեմ ժամանելէ եւ Առաջնորդական Ասան ստանձնելէ ետք՝ այցելած է Վելնիւս

Պալթեան երկիրներու Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Վազգէն Միրզախանեան Թեմ ժամանելէ եւ Առաջնորդական Ասան ստանձնելէ ետք՝ այցելած է Վելնիւս

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Վազգէն Արք. Միրզախանեան նշանակուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ: Նորին Սրբազնութիւնը 25 մարտին ձեռնարկեց իր նոր առաքելութեան: 

Պալթեան երկիրներու Թեմի նախկին առաջնորդ եւ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան Ռիկայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ առաջնորդական ասան պաշտօնապէս փոխանցեց նորանշանակ Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Արքեպիսկոպոս Միրզախանեանին:

 «Արեւելք» եղելութեան մասին տեղեկացաւ Պալթեան Թեմի դիմատետրեան էջէն: Ստորեւ այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը:

Պալթեան երկրներու հայոց թեմի նախկին առաջնորդ եւ ներկայիս Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեան Ռիկայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ առաջնորդական ասան

պաշտօնապէս փոխանցեց Պալթեան երկիրներու հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Արքեպիսկոպոս Միրզախանեանին:

Կիրակնօրեայ տօնական Սուրբ Պատարագը մատուցուեցաւ Տէր Խոսրով Քահանայ Ստեփանեանի ձեռամբ, երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ երգչախումբը, Խորանին սպասարկեցին դպիրներ՝ Տիգրանն ու Տարօնը:

Նշենք նաեւ, որ նախքան Ասայի ստանձնումը Սրբացան Հայրը այցելութիւն տուած էր Վիլնիւս քաղաք։ Ստորեւ այցին մասին լրատւութիւնը՝

Պալթեան երկրներու հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն Արքեպիսկոպոս Միրզախանեան, 28-29 Մարտ, 2025-ին, Վարդան Եպիսկոպոս Նաւասարդեանի եւ Տէր Խոսրով Քահանայ Ստեփանեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Լիթվիայի մայրաքաղաք Վիլնիւս: Օդակայանին մէջ Սրբազան Հայրերուն եւ Տէր Հօր դիմաւորեցին Թեմական խորհուրդի Ատենապետ եւ Լիթվիայի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Դոկտ. Կարապետ Պապայեանը եւ Լիթվիայի հայկական միութեան նախագահ եւ Վիլնիւսի Ծխական խորհուրդի Ատենապետ Արայիկ Թունեանը:

Առաջնորդ Սրբազանը «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ մուտք գործեց Վիլնիւսի Սուրբ Վարդան մատուռ, ուր Վարդան Սրբազանին կողմէ ընդունուեցաւ եւ ծանօթացաւ համայնքի հայորդիներուն, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց: Երեկոյեան համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցաւ ընթրիք: Յաջորդ օրը առաւօտեան Առաջնորդ Վազգէն Սրբազաին հիւրընկալեց, Լիթվիայի ՀՀ դեսպանատան մէջ, Պալթեան Հանրապետութիւններու ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արա Մարգարեանը: