image

Պաղեստինին աջակցիլը Իրանի անշրջելի քաղաքականութիւնն է. Նախագահ Ռայիսի

Պաղեստինին աջակցիլը Իրանի անշրջելի քաղաքականութիւնն է.  Նախագահ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին Պաղեստինի ճնշուած ժողովուրդին աջակցութիւնը որակած է Իսլամական Հանրապետութեան մշտական եւ անշրջելի քաղաքականութիւնը եւ յիշեցուցած, որ անոնք, որոնք կը լռեն Իսրայէլի յանցագործութիւններու մասին, պէտք է պատասխան տան իրենց ներկայիս պահուածքի համար Աստուծոյ, իրենց խիղճի եւ պատմութեան դատարանի առաջ: Այս մասին գրած է «Մեհր» գոծակալութիւնը:

«Սիոնիստական ռեժիմի լկտի քաղաքականութիւնը՝ Կազայի բնակիչները իրենց հայրենիքէն բռնի կերպով տարհանելու վերաբերեալ, թէեւ երբեք պիտի չիրականացուի, կը հակասէ միջազգային բոլոր օրէնքներուն, բարոյագիտութեան եւ մարդկային սկզբունքներուն», - աւելցուցած է ան:

Ռայիսին խստօրէն քննադատած է որոշ կառավարութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու լռութիւնը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու վերաբերեալ, որոնք այս օրերուն Իսրայէլը կ'իրականացնէ Պաղեստինի ժողովուրդի դէմ։

«Աստծուն եւ մարդկային խիղճին հաւատացողները կամ պատմութեան իսկութեան հաւատացողները, որոնք լուռ են այս օրերուն, պէտք է գիտնան, որ իրենց պահուածքի համար պատասխան պիտի տան Ամենակարող Աստուծոն, արթնցած խիղճի եւ պատմութեան դատաստանի առաջ»,-ըսած է ան։