Երկու տարի առաջ այս օրերուն ողբերգական պայմաններու տակ կը զոհուէր Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիին ուղղաթիռի խորհրդաւոր համարուած արկածի մը հետեւանքով։ Այդ օրերուն վէրքը տակաւին տաք էր, ու առհասարակ իրանցի չէր ընկալեր, որ իր կորսնցուցածը միայն նախագահ մը չէ, այլ իշխանութեան փոխանցման ծրագիր մը, որուն մէջ կային տարածաշրջանային պաշտպանական ցանցը, անվտանգութեան պատրանքը եւ այն վստահութիւնը, թէ ժամանակը առհասարակ կ՚աշխատի Իրանի օգտին։
Հետեւաբար Ռայիսիի մահը կամ «սպանութիւն»ը պէտք է հասկնալ ոչ թէ որպէս դաւադրութիւն, այլ՝ որպէս խորհրդանիշ։
Ան Իրանը չփոխեց, որովհետեւ իրական իշխանութիւնը իր ձեռքին չէր։ Իրական ուժը կը գտնուէր գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիի, Յեղափոխական Պահակագունդին, անվտանգութեան համակարգին եւ տասնամեակներու ընթացքին կառուցուած տարածաշրջանային ցանցերուն մօտ։
Ռայիսի կերպարը կարեւոր էր, որովհետեւ ան մարմնաւորումն էր այն շարունակականութեան, զոր համակարգը կ՚ուզէր ներկայացնել։ Ան հաւատարիմ, կոշտ, կանխատեսելի դէմք մըն էր, որ շատերու կողմէ կը դիտուէր որպէս Հոգեւոր Առաջնորդ՝ Խամենէիի հնարաւոր յաջորդը։
Ռայիսի Իրանի ապագան չէր․ ան ապագայի փորձարկումն էր, որ երբեք չիրականացաւ։
2024-ի Մայիսին, համակարգը տակաւին կը թուէր ունենալ իշխանութեան փոխանցման ծրագիր, տարածաշրջանային պաշտպանական գօտի եւ ժամանակ շահելու կարողութիւն։ Սակայն երկու տարի անց, գրեթէ բոլոր այն սիւները, որոնք Թեհրանը անխոցելի կը դարձնէին, կամ խախտուած են, կամ փլած։
Իրանի համար մեծ յետհաշուարկը սկսած էր ի 7 Հոկտեմբեր 2023-ին։
Համասի յարձակումը Իսրայէլի վրայ շարժման մէջ դրաւ Իրանի ամբողջ տարածաշրջանային ցանցը՝ Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա»ն, Իրաքի ու Սուրիոյ աշխարհազօրերը, Եմէնի «Հուսիներ»ը։ Տարիներ շարունակ այս մէկը Իրանի «ռազմավարական խորութեան» քաղաքականութիւնն էր։
Սակայն 7 Հոկտեմբերէն ետք, այդ «խորութիւնը» վերածուեցաւ թիրախային քարտէսի։
Ապրիլ 2024-ին Իրանն ու Իսրայէլը ստուերային պատերազմէն անցան ուղիղ բախման։ Իսկ մէկ ամիս անց, Ռայիսիի ուղղաթիռը մառախուղին մէջ կործանեցաւ։
Պետութիւնը պատասխանեց ծանօթ թատերականութեամբ՝ դագաղներ, սեւ դրօշներ, նկարներ, հոգեւորականներ եւ հրամանատարներ։ Ուղերձը պարզ էր՝ «շարունակականութիւն»։Բայց Ռայիսիին յետոյ, յուղարկաւորութիւնները սկսան բոլորովին այլ պատմութիւն պատմել։ Անոնք այլեւս շարունակականութեան խորհրդանիշ չէին, այլ՝ բացայայտուած խոցելիութեան։
Ռայիսիի մահը ստիպեց արտակարգ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպել։ Մասուտ Փեզեշքիան, որ աւելի մեղմ եւ բարեփոխչական լեզու կը գործածէր, յաղթեց ընտրութիւններուն՝ մասնակցութեան պատմականօրէն նուազ մակարդակի պայմաններուն մէջ։ Համակարգը ստացաւ աւելի մեղմ դէմք մը, բայց ոչ՝ նոր իշխանական կեդրոն։
Ապա եղաւ հետ-Ռայիսի շրջանի առաջին մեծ նուաստացումը։
«Համաս»ի քաղաքական ղեկավար Իսմայիլ Հանիյա Թեհրան ժամանեց Փեզեշքիանի երդմնակալութեան համար։ Ժամեր անց, ան սպաննուեցաւ Իրանի մայրաքաղաքին մէջ։
Այս մէկը միայն Համասի ղեկավարի սպանութիւնը չէր։ Այլ ուղերձ էր, թէ նոյնիսկ հովանաւորողի մայրաքաղաքը այլեւս ապահով վայր մը չէ։
Եւ այդ նախադասութիւնը դարձաւ յաջորդ իրադարձութիւններուն բնորոշումը։
2024-ի Սեպտեմբերին, «Հըզպալլա»ի փէյճըրներն ու կապի սարքերը «պայթեցան» Լիբանանի եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մէջ։ Օրեր անց, Պէյրութի մէջ սպաննուեցաւ «Հըզպալլա»ի անօրինակ առաջնորդ՝ Սէյիտ Հասան Նասրալլան։
Գաղտնիութեան եւ ստորգետնեայ կառավարման վրայ հիմնուած շարժումը ներսէն ճեղքուած էր ու վերէն՝ հարուածուած։
Ապա սպաննուեցաւ «Համաս»ի Կազայի ղեկավար Եահիա Սինուարը։ «Համաս»ը մնաց, «Հըզպալլա»ն մնաց, կարգախօսները մնացին։ Բայց «առանցքը» կորսնցուց ղեկավարներ, տարածքներ, ուղիներ եւ ինքնավստահութիւն։
Ամէնէն խոր հարուածը եկաւ Սուրիայէն։
2024-ի Դեկտեմբերին Պաշշար Ասատի իշխանութեան անկումը միայն Իրանի դաշնակիցի մը կորուստը չէր։ Ան վնասեց Իրանի տարածաշրջանային աշխարհագրական կառուցուածքը՝ «Հըզպալլա»ին տանող ուղիները, դէպի Միջերկրական ելքը եւ Ղասէմ Սուլէյմանիի օրերէն մնացած այն պատկերացումը, թէ տկար պետութիւնները կարելի է վերածել իրանական «խորութեան»։
Պատերազմը հասաւ Իրան…
Յունիս 2025-ին պատերազմը հասաւ Իրանի ներսը։
Իսրայէլ հարուածեց Իրանի միջուկային եւ ռազմական կառոյցները «12-օրեայ պատերազմ»ին ընթացքին։ Ապա Միացեալ Նահանգները թիրախաւորեց միջուկային ծրագրի ամենէն ամրապնդուած կէտերը։
Տարիներ շարունակ միջուկային անորոշութիւնը Թեհրանի պաշտպանական վահանն էր։ 2025-ին, այն վերածուեցաւ պատերազմի դաշտի։
Արտաքին ճնշումներուն միացան ներքին պայթումները։
2025-ի վերջաւորութեան եւ 2026-ի սկիզբին բռնկած բողոքները ծնունդ առին տնտեսական փլուզումէն, բռնաճնշումներէն եւ քաղաքական փոփոխութեան պահանջէն։ 8 եւ 9 Յունուարին, պետութիւնը պատասխանեց զանգուածային բռնութեամբ եւ համացանցի անջատումով։
Շիիթ դաւանանքով Իսլամական Հանրապետութիւնը տակաւին կրնար կրակել, բանտարկել եւ սարսափ տարածել։ Բայց տեղ մը կը թերանար ու այլեւս չէր կրնար բաւարար թիւով քաղաքացիներ համոզել, թէ ապագայ մը ունի։՚՚
Նոյնիսկ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս տեղի ունեցող ցնցումները սկսան նոյն մթնոլորտին մասը թուիլ։ 2026-ի Յունուարին Վենեզուելայի նախագահ Նիկոլաս Մատուրոյի «գործողութիւն-ձերբակալութիւն»ը մթնոլորտի մը փոփոխութեան մասին էր։ Մէկ այլ հակա-ամերիկեան ղեկավար, որ տարիներ շարունակ կը կարծուէր անպաշտպանելի, յանկարծ բացայայտ խոցելի կը դառնար, կը ձերբակալուէր ու կը բանտարկուէր։
Այաթոլլայի սպանութիւնը Ամենէն մեծ հարուածը
28 Փետրուար 2026-ին պատերազմը հասաւ Իսլամական Հանրապետութեան սրտին՝ գերագոյն առաջնորդութեան։
Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան՝ «Ռահպար»ը Սէիտ՝Ալի Խամենէին կը սպաննուէր ամերիկա-իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով։
«Վիլայաթ էլ-Ֆաքիհ»-ի վրայ հիմնուած պետութեան համար այս մէկը միայն ղեկավարի կորուստը չէր։ Անիկա ամբողջ համակարգի «անխոցելիութեան» պատրանքին կործանումն էր։
Օրեր անց Մոժթապա Խամենէին նշանակուեցաւ գերագոյն առաջնորդ։ Այս քայլը նախատեսուած էր շարունակականութիւն ցուցադրելու համար, բայց փոխարէնը՝ Իրանը սկսաւ երեւիլ, որպէս աւելի փակ, աւելի փոքր եւ աւելի ժառանգական համակարգ մը։
Յեղափոխութիւնը, որ ծնունդ առած էր, որպէս միապետութեան դէմ պայքարող մարմին , իր բարձրագոյն պաշտօնը կը փոխանցէր հօրմէ որդի՝ պատերազմի ժամանակաշրջանին։
Յուղարկաւորութիւնը, որ տեղի չունեցաւ
Այս բոլորէն ետք հասաւ ամէնէն «ազդեցիկ» յուղարկաւորութեան պահը, որ իրականութիւն չդարձաւ։ Իրան յետաձգեց Խամենէիի պետական յուղարկաւորութիւնը։ Ամիսներ անց անգամ անոր թաղման վայրը վերջնականապէս յստակ չէր։
Շիիթ յեղափոխական պետութեան համար, որ միշտ գիտէր մահը վերածել քաղաքական ուժի, այս յապաղումը ապշեցուցիչ էր։
Յուղարկաւորութիւններու հանրապետութիւնը կորսնցուցած էր նոյնիսկ իր ամենէն կարեւոր խորհրդանշական արարողութեան վերահսկողութիւնը։
Հին համակարգը չորս շերտ ունէր․
Ռայիսիի մահէն սկսեալ , այս բոլոր շերտերը կը վնասուէին։
Վախը կը վերածուէր ապստամբութեան։ Ընտրութիւնները կը բացայայտէին դատարկութիւնը աւելի, քան օրինականութիւնը։ Տարածաշրջանային խորութիւնը կը ճեղքուէր։ Սուրիան դուրս կու գար «Իրանեան մեծ խաղ»էն։ «Հըզպալլա»ն եւ «Համաս»ը ծանր հարուածներ կը ստանային։ Իսկ գերագոյն առաջնորդի պաշտօնը կորսնցուց իր «անխոցելի» հեղինակութիւնը։ Հորմիւզի նեղուցը տակաւին Իրանի ամենաուժեղ խաղաքարտն է։ Բայց ան նաեւ կը բացայայտէ թակարդը․ նեղուցը Թեհրանին ազդեցութիւն կու տայ նաւարկութեան, քարիւղի եւ համաշխարհային շուկաներու վրայ, սակայն միաժամանակ Իրանը կը պահէ ճգնաժամի կեդրոնին մէջ, որմէ դուրս գալը այդքան ալ դիւրին չէ։
Այս պատմութիւնը դեռեւս համակարգի անկումին մասին չէ։ Իսլամական Հանրապետութիւնը տակաւին ունի բանտեր, հրթիռներ, հրամանատարներ եւ գոյատեւման երկար փորձառութիւն։
Բայց այս նաեւ այն պատմութիւնը չէ, զոր Թեհրան կ՚ուզէ ներկայացնել։
Երկու տարի առաջ Ռայիսիի մահը փաթթուած էր նահատակութեան եւ շարունակականութեան լեզուով։ Պետութիւնը կը պնդէր, թէ էական ոչինչ կորսուած է։
Սակայն յաջորդած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, թէ որքան քիչ տեղ մնացած էր սխալներու համար։
Ռայիսիի աղէտով այս շղթան չսկսաւ։ Ժամացոյցները արդէն գործի անցած էին 7 Հոկտեմբեր 2023-ին։ Բայց անիկա այս ամբողջ շրջանին տուաւ իր խորհրդանշական պատկերը՝ մառախուղ, վատ տեսանելիութիւն, իրարու հետ կապ կորսնցուցած «շարասիւն» եւ պետութիւն մը, որ կը պնդէ, թէ ճանապարհը տակաւին յստակ է…։
Երկու տարի անց, Իրանը տակաւին այդ մառախուղին մէջ կը տապլտկի։
Հարցը այլեւս այն չէ, թէ Իսլամական Հանրապետութիւնը կրնա՞յ գոյատեւել հերթական ճգնաժամը։ Ան արդէն շատ ճգնաժամեր դիմագրաւած է։
Իսկական հարցը այն է, թէ կրնա՞յ գոյատեւել այն բաներուն կորուստը, որոնք գոյատեւումը հնարաւոր կը դարձնէին՝ հեռաւորութիւնը, վախը, իշխանութեան փոխանցման վստահութիւնը, ապահով ապաստանը եւ այն համոզումը, թէ ժամանակն առհասարակ Իրանի կողմն է, կամ ոչ…։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս