image

Օտեսայի փողոցները գետեր դարձած են

Օտեսայի փողոցները գետեր դարձած են
Ուքրանական Օտեսա քաղաքը հեղեղուած է, կը յայտնէ dumskaya.net լրատուականը։
 

Ականատեսներու համաձայն՝ քաղաքի փողոցները վերածուած են գետերու, բազմաթիւ ծառեր ինկած են, բազմաթիւ շրջաններու մէջ ելեկտրականութեան վթարային անջատումներ գրանցուած են։ 

Ուղեւորատար օդանաւերը, որոնք պէտք է վայրէջք կատարէին Օտեսայի մէջ, փոխած են թռիչքներու ուղղութիւններն ու վայրէջք կատարած են այլ օդակայաններու մէջ։

Օդերեւութաբանական կեդրոնի տուեալներով՝ մէկ ժամուան մէջ տեղացած է 31 միլիմեթր տեղում, որու հետեւանքով բազմաթիւ շէնքեր հեղեղուած են: