Երիտասարդ օփերային երգչուհի Ժուլիանա Գրիգորեան նախընթաց օր Իտալիոյ Թոսքանա քաղաքի մէջ բեմ բարձրացած է աշխարհահռչակ թենոր Անտրէա Պոչէլիի հետ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ համերգը սարքուած է Պոչելիի հայրենի քաղաքի բացօթեայ «Թէաթրօ տէլ Սիլէնզիօ» ամփիթատրոնին մէջ։ Թոսքանայի բլուրները աշխարհի զանազան ծագերէն ժամանած հազարաւոր մարդիկ հաւաքուած էին անմոռանալի համերգի առիթով։
Ժուլիանա Գրիգորեան սրտագրաւ ելոյթ մը ունեցած է Պոչելիի հետ, իսկ իր ուսուցիչը՝ Փլասիտօ Տոմինկօ, յատուկ ելոյթ մը ունեցած է, ընդգծելով հայ աստղի տաղանդն ու արագ զարգացող միջազգային համբաւը։