Այնճարէն տխուր լուր ստացանք։ Իր մահկանացուն կնքած է հայագիւղի աւագ անդամուհիներէն՝ Սիրելի մայր, մեծ մայր եւ շատերուն հարազատ ՝Տիկն. Սօսէ Թաշճեանը։
«Արեւելք» այս առթիւ կը ցաւակցի հանգուցեալի սիրելիներուն ու հարազատներու եւ մասնաւորապէս թերթիս բարեկամ՝ Տիար Եսայի Հաւաթեանին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը։
Մահազդ
Տէր եւ տիկ.Կարօ եւ Ովսան Թաշճեան ու զաւակները' Սանան եւ Արփա
Տէր եւ տիկ.Եսայի եւ Ցօղիկ հաւաթեան
Տէր եւ տիկ.Հրայր եւ Սօսէ Քէշիշեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկ.Հրակ եւ Լալէ Թասլաքեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկ.Սերոբ եւ Նարէ Քէօշկէրեան եւ զաւակունք
Եւ համայն Գըլըճեան ,Թաշճեան,
Նաշալեան,Աբրահամեան,Գապայեան,Շիրիքեան,Հաւաթեան,Սէպէեան եւ Այնթապլեան ընտանիքներ, կը գոյժեն մահը իրենց մօր,մեծ մօր եւ հարազատին'
Սօսէ Թաշճեանի
(Ծնեալ 1941,Այնճար)
որ պատահեցաւ այսօր,23 հոկտեմբերի կանուխ առաւօտեան,յետ երկարատեւ հիւանդութեան։Թաղման արարողությունը տեղի պիտի ունենայ այսօր ,Կ.Ե.ժամը 2:00ին,Այնճարի "Ս.Պօղոս" եկեղեցւոյ մէջ,ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգ.գերեզմանատունը։ Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յուղարկաւորութենէն ետք "Գ.Կիւլպէնկեան" սրահին մէջ ,մինչեւ երեկոյեան ժամը 7,իսկ յաջորդ օրը առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6, Նոյն վայրին մէջ:
Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւնները փոխանցել Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» Կոմիտէի օժանդակութեան յանձնախումբին կամ «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութեան։