image

Նուիրեալ հայր եւ իսկական մտաւորական․ Արմենակ Եղիայեանի անանց ներկայութիւնը

Նուիրեալ հայր եւ իսկական մտաւորական․ Արմենակ Եղիայեանի անանց ներկայութիւնը

Կան կեանքեր, որոնք իրենց ամբողջ ընթացքին կը բաժնուին երկու աշխարհներու միջեւ՝ հանրային եւ անձնական, բայց հազուադէպ են անոնք, որոնց մէջ այս երկուքը ոչ միայն կը համընկնին, այլ կը հարստացնեն իրար։ Արմենակ Եղիայեան այդ բացառիկ կերպարներէն մէկն էր։ Անոր մէջ մտաւորականի խստապահանջ միտքը կը միաձուլուէր հայրական ջերմութեան հետ, եւ այս երկու երեսները երբեք հակադրութեան մէջ չէին, այլ՝ փոխլրացնող։

Հանրութեան մէջ ան կը ներկայանար որպէս սկզբունքային մտածող, հայերէնի ու ազգային արժէքներու հետեւողական պաշտպան, մինչդեռ տան մէջ՝ լուռ, համբերատար եւ նուիրեալ հայր մը, որ իր օրինակով կը դաստիարակէր աւելի քան իր խօսքերով։ Այս ամբողջականութիւնը   զինք կը դարձնէ  ոչ միայն յարգելի մտաւորական, այլ նաեւ սիրելի եւ անփոխարինելի ընտանիքի մարդ մը։

Այսպէս, անոր կեանքը պարզապէս գործերու կամ յաջողութիւններու շղթայ մը չէր, այլ ամբողջական վկայութիւն մը այն մասին, թէ ինչպէս կարելի է միաժամանակ ծառայել գաղափարին եւ ապրել սիրով լի ընտանեկան կեանք մը։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մեզմէ հեռացած եւ մեզի բոլորիս առ յաւէտ սիրելի  Արմենակ Եղիայեանի անդրանիկ  զաւակին՝ Տօքթ. Իշխան Եղիայեանի գրութիւնը՝ հանգուցեալի  մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։

Սիրելի՛ հայրիկ,

տակաւին չեմ ընդունած կացութիւնը եւ բացակայութիւնդ ժամանակաւոր կը թուի։

Չեմ կրնար բացատրել այս զգացումը, բայց տուն մտնելուս պահ մը կը սպասեմ հիւրասենեակին դուռէն ներս պիտի մտնես կամ սենեակդ երթալուս աշխատանքի գրասեղանիդ ետին պիտի տեսնեմ քեզ։

Այդպէս` կ' երթամ, կը նայիմ եւ հոն չես։ Բայց նոյն միտքը կը շարունակուի եւ քանի մը օր ետք նոյն կացութիւնը կը կրկնուի։

Աթոռդ թափուր է, գրասեղանդ եւ համակարգիչդ անտէր։

Զարմանալի է աթոռներ կան, որոնք ձեռքէ ձեռք կը խլուին, նոյնիսկ կը գողցուին։

Քու աթոռդ տակաւին պահանջող չեղաւ:

Հարիւրաւոր ցաւակցողներ, մեսաժով քու կորուստիդ ցաւողներ, ե-նամակով կամ մամուլով հայերէնի հանդէպ գուրգուրանքդ վկայողներ մեզ` անմիջական ընտանիքդ անակնկալի բերին, բայց աթոռդ պահանջող չեղաւ։

Քիչեր գիտեն Մայրենիին՝ Հայերէնին համար տարուած լուրջ աշխատանքիդ տարողութիւնը, տեւողութիւնը եւ ազդեցութիւնը, զոր պիտի ձգէ եկող սերունդներուն վրայ։ Քիչեր գիտեն, որովհետեւ մենք մեծամասնութիւնս ընհանրապէս այժմէականը , տեղայնականը եւ զգացականը կը նախընտրենք: Կը նախընտրենք դիւրին լուծումներ ընդհանրական նիւթերուն եւ հարցերուն, իսկ դուն՝ գիտական, ուսումնասիրական եւ պատմական փորձառութիւներու արձագանգի կշռոյթով կը մօտենայիր ամէն ինչի։

Եւ հակառակ անոր, որ ընդհանրապէս վստահ կ'ըլլայիր քու տեսակէտիդ, մեր հանդէպ թոյլատու, համբերատար կ'ըլլայիր եւ միայն հարցադրումներով կարծիքդ կը փոխանցէիր։

Երազդ՝ Հայաստանն էր, Արարատն ու Մասիսը:

Իտէալներդ քիչ մը շատ բարձր էին՝ Մաշտոց, Լուսաւորիչ:

Աշակերտական տարիներուդ ցուցմունք տուողները՝ Վրացեան, Ծառուկեան, Աղբալեան,...:

Հերոսներդ, զոր մեր մանկութեան կը փառաբանէիր ՝ Սասունցի Դաւիթը եւ Առիւծ Մհերը:

Այսօր Զատիկ է, մենք միշտ ընտանիքով կ'ըլլանք, հոս եւ դուրս, բայց միասին: 

Այս Զատիկը տարբեր էր՝ դուն չկաս: Տխուր ենք անոր համար: Տխուր պիտի ըլլայիր դուն նաեւ սիրած Լիբանանիդ այս վիճակով: Բայց նաեւ մտահոգ ենք բոլորս:

Այս առիթով քու կենսագրութիւնդ միտքս կու գայ. քու սերունդիդ ապրած դժուարութիւնները եւ լաւ օրեր տեսնելու վկայութիւնն է, բայց նաեւ հարցերը «Բրակմաթիք»՝ իրապաշտ դիտելու կարողութիւնն է, հեռու ընկրկումներէ եւ այլասերումէ: Թերեւս ամէնէն շատ ասոնց պէտք ունինք ներկայիս:

Հոգիդ լոյսերու մէջ մնայ: