image

ԱՄՆ-ն պիտի զօրացնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. Fox News

ԱՄՆ-ն պիտի զօրացնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ. Fox News

Միացեալ Նահանգները ռազմական ուժեր կ՚ուղարկէ Մերձաւոր Արևելք, հաղորդած է Fox News-ը՝ յղում ընելով իր աղբիւրներուն։

Աղբիւրներու համաձայն՝ Իրանի հետ լարուածութեան լոյսի ներքոյ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կը տեղակայուի առնուազն մէկ ամերիկեան օդանաւակիր։ Հեռուստաալիքը նշած է, որ դեռ պարզ չէ՝ խօսքը կը վերաբերի Հարաւչինական ծովուն մէջ գտնուող USS Abraham Lincoln-ին, թէ այս շաբաթ Նորֆոլքէն եւ Սան Տիեկոյէն մեկնած երկու նաւերէն մէկուն։ Կը սպասուի, որ տարածաշրջան ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ առնուազն մէկ շաբաթ։

Աղբիւրները նշած են, որ  առաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն կը սպասուի ամերիկեան ռազմական ուժերու ժամանումը Մերձաւոր Արեւելք՝ օդային, ցամաքային եւ ծովային ճանապարհներով՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփին տարբերակներ տրամադրելու համար, եթէ ան որոշէ հարուածել Իրանը: 

Աղբիւրներու համաձայն՝ զինուորականները կը պատրաստեն շարք մը տարբերակներ՝ կախուած Իրանի առաջիկայ օրերուն ձեռնարկուող գործողութիւններէն։ Կ՚ակնկալուի, որ տարածաշրջանին մէջ պիտի տեղակայուին նաեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր՝ ամերիկեան ռազմակայանները եւ Իսրայէլը պաշտպանելու համար։