Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հոգեւոր Տէրը՝ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը կը շարունակէ իր շփումները Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին մէջ ազդեցիկ ներկայութիւն ունեցող կողմերուն։
Օրեր առաջ Պատրիարք Հայրը այցելութիւն տուած էր Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն.Վ. Ժոզէֆ Աունին, իսկ այսօր համացանցէն իմացայ, որ Պատրիարքը այցելած է Քրիստոնէական ամենավաղեմի ուժ հանդիսացող՝ «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան կեդրոնատեղի եւ ընդունուած կուսակցապետ՝ Սամի Ժըմայէլին կողմանէ։
Ի դէպ ըսեմ նաեւ, որ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Աթոռը միշտ ալ փայլուն յարաբերութիւններ ունեցած է «Քաթայիպ» կուսակցութեան հետ ու մեծ է թիւը Կաթողիկէ Համայնքի այն զաւակներուն, որոնք տարբեր պայմաններու ներքոյ անդամակցած ու գործած են այդ կուսակցութեան շարքերուն մէջ։ (Այս պահուն օրինակ կը յիշեմ անունը՝ Ժոզէֆ Շատէրին, որ եղած է անդամ այդ կուսակցութեան ու նաեւ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ)։
Ահա թէ ինչ գրառած է կուսակցապետ Սամի Ժըմայէլ, Հոգեւոր Տիրոջ հետ այսօր տեղի ունեցած հանդիպման մասին։
Տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը եւ երկիրը տարբեր մակարդակներու վրայ դիմագրաւող մարտահրաւէրները։ Կողմերը նաեւ անդրադարձան լիբանանեան հասարակութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղիներուն։
3.jpg)
