image

Երկարամեայ կրթական մշակն ու գիտնականը․ Ոչ եւս է դոկտ. Սօնա Մ. Ճէրէճեան

Երկարամեայ կրթական մշակն ու գիտնականը․ Ոչ եւս է դոկտ. Սօնա Մ. Ճէրէճեան

«Արեւելք» Հայկազեան Համալսարանի նախագահի պաշտօնական էջէն խոր կսկիծով իմացաւ, թէ իր մահկանացուն կնքած է կրթական եւ ակադեմական շրջանակներու մէջ յարգուած անուն մը՝ դոկտ. Սօնա Մ. Ճէրէճեան։ Ան շուրջ երեք տասնամեակ նուիրուած ծառայութիւն մատուցած էր Հայկազեան Համալսարանին եւ իր մասնագիտական վաստակով ու մարդկային յատկութիւններով մնայուն հետք ձգած էր համալսարանական ընտանիքին մէջ։

Դոկտ. Սօնա Մ. Ճէրէճեան նախ իբրեւ դասախօս, ապա՝ որպէս կառավարման ճիւղի օգնական դասախօս, մօտ երեք տասնամեակ կրթած ու դաստիարակած էր ուսանողներու բազմաթիւ սերունդներ։ Ան դասաւանդած էր առաջնորդութիւն, կազմակերպական վարքագիծ, ռազմավարական կառավարում, մարդկային կարողականութիւններու կառավարում եւ կազմակերպական փոփոխութիւն առարկաները։

Իր մասնագիտական ազնուութեամբ, ամբողջական որակի կառավարման (TQM) մարզին մէջ ունեցած փորձառութեամբ եւ ուսանողներու յառաջդիմութեան հանդէպ ունեցած անշեղ նուիրումով, դոկտ. Ճէրէճեան մնայուն ներդրում ունեցած էր Հայկազեան Համալսարանի Տնտեսագիտութեան եւ Գործարար վարչութեան բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ համալսարանի ընդհանրական կեանքին մէջ։

Նոյնիսկ պաշտօնաթողութենէն ետք ան չհեռացաւ իր սիրելի կրթօճախէն։ Դոկտ. Ճէրէճեան շարունակեց իր աջակցութիւնը համալսարանին՝ խորհրդատուութիւն եւ ուղղորդում տրամադրելով մագիստրոսական ուսանողներուն եւ առատաձեռնօրէն փոխանցելով իր գիտելիքներն ու հարուստ փորձառութիւնը։

Ան պիտի յիշուի ոչ միայն իր ակադեմական նշանակալի ներդրումներով, այլեւ՝ իր համեստութեամբ, բարութեամբ եւ Հայկազեան Համալսարանի առաքելութեան նկատմամբ ունեցած խոր հաւատարմութեամբ։

Դոկտ. Սօնա Մ. Ճէրէճեան իր դոկտորական աստիճանը ստացած էր Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) Ընկերաբանութեան բաժանմունքէն։ Անոր դոկտորական ատենախօսութիւնը կը կրէր «Լիբանանահայ երիտասարդութեան ընկերային եւ մշակութային համարկումը» խորագիրը։

Այս առիթով Հայկազեան Համալսարանը իր խորազգած ցաւակցութիւնները յայտնած է հանգուցեալին ընտանիքին, բարեկամներուն, նախկին ուսանողներուն եւ պաշտօնակիցներուն՝ երախտագիտութեամբ յիշելով կրթութեան, ծառայութեան եւ մարդկային զարգացման նուիրուած անոր բեղուն կեանքը։