Իրան ներում շնորհած է մահապատիժի դատապարտուած 139 բանտարկեալի։
Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA գործակալութեան Թեհրանի գրասենեակը, այս մասին յայտնած է Իրանի դատական իշխանութեան խօսնակ Ալի-Ասղար Ճահանկիրը։
Անոր համաձայն՝ այս որոշումը առնուած է երկրի Գերագոյն Առաջնորդին համաձայնութեամբ։
Դատական իշխանութեան ներկայացուցիչը շեշտած է, որ այս անձանց վերաբերեալ տուժողներու բողոքներ չկան, անոնք նախապէս դատապարտուած չեն եղած ազգային անվտանգութիւնը վտանգող յանցագործութիւններու համար եւ զղջացած են իրենց կատարած արարքներուն համար։