Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներու հետ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ յուշագրի ստորագրումը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ օրերուն։
Այնուամենայնիւ, նախարարութիւնը շեշտած է, որ այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ կիրակի օրը։
Աւելի վաղ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Թեհրանի հետ համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ այս շաբաթավերջին, Եւրոպայի մէջ։