«Ակնյայտ է, որ մեր յարաբերութիւնները հասած են վերանայման եւ փոփոխուող համաշխարհային եւ տարածաշրջանային իրողութիւններուն յարմարելու փուլ»,- ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը՝ յունիս 12-ի երեկոյեան Երեւանի մէջ Ռուսիոյ օրուան առիթով կազմակերպուած տօնական ընդունելութեան ժամանակ։
Միջոցառման ներկայ եղած են Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, պաշտօնեաներ, դիւանագիտական մարմնի ներկայացուցիչներ եւ այլ հրաւիրեալներ։
Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այսօր ռուս-հայ միջպետական համագործակցութիւնը հիմնուած է ամենաբարձր մակարդակներու վրայ կայուն եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած քաղաքական երկխօսութեան, միջկառավարական, միջխորհրդարանական եւ միջգերատեսչական ձեւաչափերու, միջտարածաշրջանային կապերու, ինչպէս նաեւ ամուր իրաւական հիմքերու վրայ։
Քոփիրքին վերահաստատած է Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համատեղ, կառուցողական եւ փոխշահաւէտ աշխատանքը՝ հիմնուելով առկայ երկկողմ եւ բազմակողմ մեխանիզմներու վրայ։
Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն իր ելոյթին մէջ յոյս յայտնած է, որ առկայ հարցերն ու տարաձայնութիւնները պիտի յաղթահարուին բաց երկխօսութեան շնորհիւ, իսկ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հետագային եւս պիտի զարգանան փոխըմբռնման, փոխադարձ յարգանքի եւ բարիդրացիութեան ոգիով։