image

Նոր Սահմանադրութեան վերաբերեալ տակաւին քննարկումներ չկան. Փոխնախարար

Նոր Սահմանադրութեան վերաբերեալ տակաւին քննարկումներ չկան. Փոխնախարար

Հայաստանի մէջ նախատեսուող նոր Սահմանադրութեան ընդունման ծիրէն ներս յստակ իրաւակարգաւորումներու հետ կապուած քննարկումները չեն սկսած: Այս մասին խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է արդարադատութեան փոխնախարար Արա Մկրտչեանը:

«Դեռեւս յստակ որեւէ ժամկէտ սահմանուած չէ: Նոյնիսկ դեռ քննարկումները սկսած չեն՝ կոնկրետ իրաւակարգաւորումների հետ կապուած: Ուստի, այս պահին ժամկէտների մասին խօսելը նոյնպէս արդի չէ»,-ըսած է փոխնախարարը:

Անդրադառնալով քննարկումներուն, թէ կը փորձուի Սահմանադրութենէն հանել յղումը՝ Անկախութեան հռչակագրին, ան ընդգծած է, որ դեռ որեւէ նոր իրաւակարգաւորումներու շուրջ մասնագիտական քննարկում չէ սկսած: «Նոր Սահմանադրութեան ընդունման հարթութիւնում որեւէ քննարկում չի եղել թէ՛ վերոնշեալ բովանդակութեամբ, թէ՛ առհասարակ»,-ըսած է ան:

Ըստ Մկրտչեանի՝ վարչապետը յստակ նշած է նոր Սահմանադրութեան ընդունման անհրաժեշտութեան հիմքերը:

Մկրտչեանն ընդգծած է՝ օրինական եւ ճիշդ Սահմանադրութիւնը երկրի իրաւական հիմքն է, ոչ միայն տարածաշրջանի մէջ, այլ ընդհանրապէս մրցունակութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է: «Եթէ մենք ունենք լաւ Սահմանադրութիւն, գործող Սահմանադրութիւն եւ դրա հիման վրայ կառուցում ենք սոցիալական, ժողովրդավարական հանրապետութիւն, ուրեմն մենք հզօր ենք դրանով: Գործող Սահմանադրութեամբ էլ մեր երկիրը ժողովրդավար եւ մրցունակ է, սակայն հասարակական յարաբերութիւնները զարգացող յարաբերութիւններ են, իրաւունքը նոյնպէս զարգացող յարաբերութիւն է, դրանք քարացած չեն եւ ենթակայ են փոփոխութեան»,-նշած է ան։