Օգոստոս 18-ին վիրահատութեան ենթարկուած է Յովհաննէս սրկ. Գալստեանը, որ Արցախի հիւսիսարեւելեան զօրամասերէն մէկուն մէջ, օգոստոս 11-ին, ներթափանցումի մը ժամանակ գլուխէն հրազինային գնդակ ստացած էր:
«Մուրացան» Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի պետ Արամ Ասատուրեան յայտնած է. «Հիւանդը վիրահատած ենք, վիճակը բնական է, տեղափոխուած է հիւանդանոցի սովորական սենեակ»:
Զօրամասին մէջ հոգեւոր ծառայութիւն կատարող սարկաւագը վիրաւորուած է ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, երբ հակառակորդը կրակած է այդ ուղղութեամբ: Հաց փոխադրող ինքնաշարժով դիրքեր բարձրանալու ընթացքին, Տաւուշի շրջանի սահմանային գօտիին մէջ թշնամիին կրակոցին ենթարկուելով` վիրաւորուած է զօրամասի հոգեւոր ծառայող Յովհաննէս սարկաւագ Գալստեանը:
Հայոց բանակի հոգեւոր կարիքներուն ուշադիր ըլլալու պարտաւորութիւնն ունի հայոց եկեղեցին, եւ այս պարտաւորութեան կատարման համար Ս. Էջմիածինը 1997-ին ստեղծած է Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւն (առաջնորդի պաշտօնը այժմ կը վարէ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան):
Մնայուն կերպով պատերազմի վտանգ դիմագրաւող մեր հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներուն եւ անոնց թիկունքին, այսինքն` Հայաստանի բնակչութեան մարտական ոգին բարձր պահելու առաքելութեան մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունին հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր ծառայողները, որոնք պէտք է իրենց աստուածաբանական գիտելիքներով ու պատրաստութեամբ կարենան չէզոքացնել աղանդաւորներու քայքայիչ գաղափարները, իսկ միւս կողմէ` հաւատքի ու հայրենասիրութեան ոգիով տոգորել հայրենեաց պաշտպաններու սիրտն ու հոգին:
Մարտական դիրքերու վրայ 18-20-ամեայ զինուորներու կողքին կանգնելով` հայ հոգեւորականը կը դառնայ ոչ միայն դաստիարակ ու քարոզիչ, այլ` ուժ ու կորով ներշնչող ներկայութիւն, մանաւանդ եթէ ան կը մարմնաւորէ իրապէ՛ս քաջ հովիւի յատկանիշները, եթէ ան մեր պատմութեան խորերէն եկած Ղեւոնդերէցեան աւանդութեան կրողը ըլլալու փառասիրութիւնն ունի:
Հայրենիքի սահմանները պաշտպանողներու կողքին ըլլալու եւ անոնց հոգեկան ծառայութիւն մատուցելու իր առաքելութեան ճամբուն վրայ Յովհաննէս սարկաւագի վիրաւորուելու դէպքը յիշեցում մըն է մեզի, թէ հայոց բանակին թեւ ու թիկունք դառնալու պարտաւորութիւնը ունինք բոլորս, իւրաքանչիւրս` իր կարողութեան, իր պատրաստուածութեան, իր գիտելիքներուն, իր ունեցած հնարաւորութիւններուն համեմատ
«Ասպարէզ» Աբօ Պողիկեան