Մարտունիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից շինութեան մէջ տեղի ունեցած է պայթում․ մէկ անձ տուժած է
Մարտունի քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից շինութեան մէջ պայթում տեղի ունեցած է։ Ներքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Նարեկ Սարգսեան յայտնած է, որ դէպքի վայր մեկնած է Մարտունիի հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։
Մինչեւ փրկարարներու տեղ հասնիլը, պայթումի հետեւանքով մէկ քաղաքացի փոխադրուած է Մարտունիի բժշկական կեդրոն։ Պայթումը վնասած է շինութեան դուռն ու պատուհանները։
Հրշէջ-փրկարարներն իրականացուցած են հոսանքազրկման աշխատանքներ եւ սահմանազատած տարածքը։
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ պայթումի հետեւանքով բժշկական կեդրոն փոխադրուած է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ քհնյ. Բարսեղեան։