image

ՆԱԹՕ-ն յաւելեալ 700 զինծառայող ուղարկած է Քոսովօ. Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ն յաւելեալ 700 զինծառայող ուղարկած է Քոսովօ. Սթոլթընպըրկ

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի 700 զինծառայողէ բաղկացած ջոկատն ուղղուած է մասամբ ճանչցուած Քոսովօ: Ան նշած է, որ ՆԱԹՕ-ն չի հրաժարիր տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի խաղաղ կարգաւորումէն, գրած է kommersant.ru-ն։

«ՆԱԹՕ-ի 700 զինծառայող արդէն տեղափոխուած է Քոսովօ՝ մեր ուժերուն աջակցելու համար: Այնուամենայնիւ, այդ չի նշանակեր խաղաղ կարգաւորման մերժում, ՆԱԹՕ-ն լիովին կ'աջակցի Եւրոպական Միութեան հովանու ներքոյ կայացող բանակցութիւններուն (Պելկրատի եւ Փրիշթինայի միջեւ)», -ըսած է Սթոլթենպըրկը Օսլոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ժամանելուն պէս: 

Մայիս 25-ին Հիւսիսային Քոսովոյի մէջ բախումներ սկսած են հիւսիսային շրջաններուն մէջ մեծամասնութիւն կազմող էթնիք սերպերու եւ տեղի ոստիկանութեան միջեւ։ Սերպերը կը բողոքեն Քոսովոյի հիւսիսային քաղաքներուն մէջ ալպանացի քաղաքապետներու պաշտօնավարման դէմ։ Մայիս 29-ին, ցուցարարները բախած են ոստիկանութեան կոշտ հակազդեցութեան։ Օրուան վերջը KFOR-ի ուժերը վերահսկողութեան տակ վերցուցած են կառավարական շէնքերը։ Այդ օրը տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով վիրաւորուած է ՆԱԹՕ-ի առաքելութեան 41 զինուոր եւ 52 էթնիք սերպ, յայտնած է Սերպիայի նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։

Իրավիճակի սրման լոյսին տակ Վուչիչը հրամայած է զօրքերը տեղափոխել Քոսովոյի սահման։ Հանրապետութեան ղեկավարը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Մեծ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ։

«Կեղծ քաղաքապետներու անյապաղ դուրսբերումը եւ, այսպէս կոչուած, Փրիշթինայի ոստիկանութեան ստորաբաժանումներու դուրս բերումը պայման է Քոսովոյի եւ Մեթոհիայի մէջ խաղաղութիւն պահպանելու համար»,- նշած է նախագահը։ Քոսովոյի իշխանութիւնները հրաժարած են ետ կանչել ալպանացի քաղաքապետները։