image

ՆԱԹՕ-ն «վճռական աջակցութիւն» յայտնած է Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին

ՆԱԹՕ-ն «վճռական աջակցութիւն» յայտնած է Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին

Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիք հեռավար կը մասնակցի Պրիւքսէլի մէջ գումարուած ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարներու նիստին: Իսկ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլաձէ Պրիւքսէլի մէջ է:

Նիստին ընթացքին կառոյցի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ի քաղաքական եւ գործնական վճռական աջակցութիւնը Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին կը շարունակուի:

«Ջերմ ողջոյններ Վրաստանէն եւ Ուքրանիայէն մեր գործընկերներուն` նախարար Պուրչուլաձէին եւ նախարար Ռեզնիքին: Մենք այսօր կը հանդիպինք Եւրատլանտեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան սպառնալիքին ներքոյ: Մոսկուայէն ազդանշաններ կը ստացուին դիւանագիտութիւնը շարունակելու մասին, բայց մենք զօրքերու ետքաշման կամ լարուածութեան թուլացման որեւէ նշան դեռ չենք տեսներ», ըսած է Սթոլթենպըրկ:

ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարներու երկօրեայ հանդիպումը երէկ մեկնարկած է: Առաջին նիստի արդիւնքներուն մասին հաղորդուած է, որ արձագանգելով Ռուսաստանի սպառնալիքներուն, որոշում ընդունուած է յաւելեալ ստորաբաժանումներ տեղակայել Արեւելեան Եւրոպայի ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու մէջ: