image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ հնարաւոր հակամարտութեան. Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

ՆԱԹՕ-ն կը պատրաստուի Ռուսիոյ հետ հնարաւոր հակամարտութեան. Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն

ՆԱԹՕ-ի Steadfast Defender զօրավարժութիւնները ցոյց կու տան, որ դաշինքը կը պատրաստուի Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ հնարաւոր հակամարտութեան:

Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին։

«Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ հիմա տեղի կ'ունենան «սառ պատերազմէն» ի վեր ՆԱԹՕ-ի ամէնէն խոշոր Steadfast Defender զօրավարժութիւնները: 

Իրենց սենարով՝ բոլոր գործիքներու, ներառեալ՝ հիպրիտային եւ սովորական սպառազինութիւններու կիրառմամբ, կը մշակուին Ռուսիոյ դէմ դաշինքային գործողութիւններ։

Պէտք է արձանագրել, որ ՆԱԹՕ-ականները լրջօրէն կը պատրաստուին մեզի հետ հնարաւոր հակամարտութեան, որու մասին, ի դէպ, անկեղծօրէն կը խօսին ՆԱԹՕ-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները»,-յայտարարած է Զախարովա։