Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը պէտք է նախապատրաստուի Ռուսիոյ հետ երկարատեւ հակամարտութեան: Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը։
Սթոլթընպըրկ համոզմունք յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ դիմակայութիւնը երկար տարիներ պիտի ձգձգուի։
Նշենք, որ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը աւելի վաղ խօսած էր նաեւ Մոսկուայի հետ երկարատեւ հակամարտութեան պատրաստուելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ան նաեւ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ «գիտէին, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւն պիտի սկսի»։