image
Հրատապ լուրեր:

ՆԱԹՕ կը յուշէ՝ «Ռուսիոյ դէմ պատերազմը երկարատեւ կրնայ ըլլալ»

ՆԱԹՕ կը յուշէ՝ «Ռուսիոյ դէմ պատերազմը երկարատեւ կրնայ ըլլալ»

Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը պէտք է նախապատրաստուի Ռուսիոյ հետ երկարատեւ հակամարտութեան: Այս մասին յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը։

Սթոլթընպըրկ համոզմունք յայտնած է, որ Ռուսիոյ հետ դիմակայութիւնը երկար տարիներ պիտի ձգձգուի։

Նշենք, որ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը աւելի վաղ խօսած էր նաեւ Մոսկուայի հետ երկարատեւ հակամարտութեան պատրաստուելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ան նաեւ ըսած է, որ ՆԱԹՕ-ի մէջ «գիտէին, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւն պիտի սկսի»։