Իսրայէլի խորհրդարանը՝ Քնեսէթը քաղաքական գործիչ Իսրայէլ Նաթանիահուին հաստատած է վարչապետի պաշտօնին: Նախապէս Նաթանիահուն տարբեր ժամանակահատուածներով ընդհանուր առմամբ՝ 15 տարի գրաւած էր Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը:
73-ամեայ Նաթանիահուն հաւաստիացուցած է, որ նոր կառավարութեան օրօք երկրին քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակում պիտի չըլլայ:
1 նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներով դաշինք կազմած են Նաթանիահուի առաջնորդած «Լիքուտը» եւ ազգայնական ու կրօնական հայեացքներով կուսակցութիւնները: