Գերպ. Տ. Սահակ ծ. Վրդ. Եմիշեան, որ օրեր առաջ ընտրուած էր Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ, նախքան Աթէնք ժամանելը այցելութիւն տուած է Անթիլիաս ստանալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի օրհնութիւնները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Յունաստանի Թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Երեքշաբթի, Յուլիս 16, 2024-ին Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանը հասաւ Անթիլիասի Մայրավանք։Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց առաջնորդ Հայր Սուրբը, ուր տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում։ Սոյն հանդիպման ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Յունաստանի հայոց թեմի կարեւորութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական եւ առաքելական կեանքի ուղիին վրայ եւ թելադրեց Ազգային վարչութեան եւ Կրօնական ժողովին հետ միախորհուրդ վերաշխուժացնել կրօնական դաստիարակութունը եւ ազգային ոգին Յունաստանի համայնքներուն մէջ։
Իր կարգին, առաջնորդ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդական պաշտօնի պատասխանատու լուծին եւ Վեհափառ Հօր մնայոյն ցուցմունքներուն համար։ Վեհափառ Հայրը օրհնելով Հայր Սուրբը, յաջողութիւն մաղթեց անոր, իր նոր առաքելութեան մէջ, եւ ողջունեց Յունաստանի հայոց թեմի ժողովուրդը, Ազգային Վարչութիւնը, Կրօնական Ժողովը եւ բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, նորընտիր առաջնորդի գլխաւորութեամբ նոր ծաւալուելիք աշխատանքներուն մէջ