Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախկին նախարար տոքթ. Սեպուհ Յովնանեանը եւ անոր հետ քննարկեց տարբեր ընդհանուր հարցեր:
Պայրագտարեան ներկայացուց մարմնակրթական ընտանիքը միաւորելու իր ընթացիկ ջանքերը եւ այն ծրագիրները, որոնց գործադրութեան սկսած է կամ կը պատրաստուի գործադրել մարմնակրթական դիւանագիտութեան եւ բարեկամ ու եղբայրական պետութիւններու հետ հաղորդակցութեան ծիրին մէջ:
Յովնանեան նախարար Պայրագտարեանին ներկայացուց նախարարութեան մէջ իր փորձառութիւնն ու յորդորները, ինչ կը վերաբերին ծրագիրներուն ու հաղորդակցութեան կապերու կառուցման:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն