Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Շարուրի շրջանի Կիւննուտ գիւղի ուղղութեամբ յայտնաբերուած է յունիս 9-ին չպարզուած հանգամանքներու մէջ անհետացած ատրպէյճանցի զինծառայող Ճէյհուն Հուսէյնովի դին։
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան՝ աւելցնելով, որ գործը ներկայիս կը գտնուի նախաքննութեան փուլի մէջ։
Աւելի վաղ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ յունիս 9-ին անյայտ հանգամանքներու մէջ Նախիջեւանի մէջ կորսուած է զինծառայող Ճէյհուն Հուսէյնովը: Հայկական լրատուամիջոցները գրած էին, թէ ան հատած է սահմանը եւ յայտնուած հայկական տարածքի մէջ։ Հայաստանի ԱԱԾ-ն յայտարարած էր, որ ատրպէյճանցի զինծառայողի կողմէ սահմանը հնարաւոր հատելու դէպքի վերաբերեալ փաստական տուեալներ չկան։