image

Խուզարկութիւններ Գագիկ Ծառուկեանի տան եւ անոր պատկանող կարգ մը հիմնարկներու մէջ

Խուզարկութիւններ Գագիկ Ծառուկեանի տան եւ անոր պատկանող կարգ մը հիմնարկներու մէջ

Քննչական կոմիտէէն ներս քննուող մէկ տասնեակէ աւելի քրէական վարոյթներու շրջածիրէն ներս 70-է աւելի հասցեներու մէջ կը կատարուին խուզարկութիւններ։

Այս մասին յայտնած են Կոմիտէէն՝ անդրադառնալով յուլիս 6-ի առաւօտէն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի տան մէջ եւ վերջինիս պատկանող շարք մը ընկերութիւններու մէջ կատարուող խուզարկութիւններուն։

«Քննչական կոմիտէում քննուող մէկ տասնեակից աւելի քրէական վարոյթների շրջանակում 70-ից աւելի հասցէներում կատարւում են միաժամանակեայ խուզարկութիւններ»,-նշած են Քննչական Կոմիտէէն։

Աւելի վաղ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի մամուլի խօսնակ Իվետա Տօնոյեանը յայտնած էր, որ խուզարկութիւն կը կատարուի Գագիկ Ծառուկեանի տան մէջ։

ՀՀ քննչական կոմիտէէն հաստատած էին տեղեկութիւնն՝ ընդգծելով, որ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս կը կատարուին անհրաժեշտ քննչական եւ վարութային գործողութիւններ։