image

Զանգուածային հարուածներ Քիեւին, կան տասնեակ զոհեր

Զանգուածային հարուածներ Քիեւին, կան տասնեակ  զոհեր

Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերը յայտարարած են, որ յուլիս 5-ի լոյս 6-ի գիշերը Քիեւը եղած է ռուսական ուժերու՝ Ուքրանիոյ դէմ գործուած նոր զանգուածային յարձակման գլխաւոր թիրախը։ Գործողութեան ընթացքին Ռուսիան գործածած է 68 հրթիռ, որոնցմէ 23-ը՝ պալիսթիք, ինչպէս նաեւ 351 անօդաչու թռչող սարք։

Ըստ BBC-ի, յարձակումը շարունակուած է մինչեւ վաղ առաւօտ, զոհուած է 11 մարդ, վիրաւորուած՝ 46, որոնց շարքին՝ հինգ երեխայ։ Յարձակման հետեւանքով նաեւ փլուզուած են բնակելի շէնքեր։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հարուածներ հասցուցած է Քիեւի եւ Քիեւի մարզին մէջ գտնուող ռազմարդիւնաբերական ու վառելիքա-ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն։ Ռուսական պաշտպանութեան նախարարութիւնը նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարած էր նաեւ Յուլիս 2-ին՝ Քիեւի վրայ նախորդ զանգուածային հարուածէն ետք, որուն հետեւանքով զոհուած էր 31 մարդ։

Շաբաթուան ընթացքին երկրորդ այս յարձակումէն քանի մը ժամ առաջ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի նախազգուշացուցած էր, որ Ռուսիան կը նախապատրաստէ Քիեւի ուղղութեամբ նոր լայնածաւալ գործողութիւն մը։

Կիրակի ուշ երեկոյեան Զելենսքի իր Telegram-ի ալիքով վերահաստատեց արեւմտեան գործընկերներուն ուղղուած իր կոչը՝ ամրապնդելու Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, մասնաւորաբար Patriot հրթիռային համակարգերու համար լրացուցիչ հրթիռներ մատակարարելով։ Ան ընդգծեց, որ այդ զինամթերքի պակասը կը քաջալերէ Ռուսիան երկարաձգելու պատերազմը։