Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է համատեղ ուժերով աշխատին երկու երկիրներու մէջ անհետ կորսուածներու խնդրի լուծման ուղղութեամբ։
Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանը չէ մոռցած նաեւ Ատրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ գտնուող իր հայրենակիցներու խնդիրները։
Անոր խօսքով՝ երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ առեւտուրը եւս խաղաղութեան շատ կարեւոր յենասիւն է։
«Սահմանազատման ընթացքի հետ կապուած ամբողջ իրաւական գործընթացներն ամփոփուած են, եւ Հայաստանում, եւ Ադրբեջանում ունեն պարտադիր իրաւական ուժ։ Հիմա մենք պէտք է կեդրոնանանք TRIPP ճանապարհի իրագործման վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակենք մեր աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ վաւերացման ուղղութեամբ»,-ըսած է վարչապետը։