image

«Համաս» կը պատրաստուի լուծարել իր կառավարութիւնը Կազայի մէջ

«Համաս» կը պատրաստուի լուծարել իր կառավարութիւնը Կազայի մէջ

Կազայի հատուածը շուրջ երկու տասնամեակ կառավարելէ ետք, «Համաս»-ի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի յայտարարելու այսպէս կոչուած «Կառավարութեան աշխատանքներու վերահսկման կոմիտէ»-ի լուծարումը։ Այս մասին Asharq Al-Awsat օրաթերթին յայտնած են կազմակերպութեան երկու աղբիւրներ։

Աղբիւրներուն համաձայն՝ այս քայլը նախապատրաստութիւն է լիազօրութիւնները փոխանցելու պաղեստինցի պաշտօնեայ Ալի Շաաթի գլխաւորած թեքնոքրաթական մարմնին՝ նորաստեղծ «Կազայի կառավարման կոմիտէ»-ին (NCAG)։ Վերջինս կազմաւորուած է մօտ վեց ամիս առաջ, սակայն մինչ այժմ չէ կրցած սկսիլ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ Իսրայէլ չէ արտօնած, որ անոր անդամները մուտք գործեն Կազայի հատուած։

Աղբիւրներէն մէկը պնդած է, որ գործող կառավարման մարմինի լուծարման մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը կրնայ հրապարակուիլ արդէն Երկուշաբթի։ Երկրորդ աղբիւրը եւս հաստատած է, որ որոշումը պիտի հրապարակուի մօտ օրերուն, առանց յստակացնելու թուականը։

Կառավարման համակարգին մէջ հնարաւոր փոփոխութիւններու լոյսին տակ, «Համաս»-ի եւ պաղեստինեան այլ խմբաւորումներու աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ յառաջիկայ երկու օրերուն Գահիրէի մէջ պիտի կայանան նոր բանակցութիւններ, որոնք պիտի նուիրուին Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլի շուրջ գոյացած տարակարծութիւններու յաղթահարման։