Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան, օրերս, իր գրասենեակէն ներս ընդունած է Մոսկուայի Պետական Համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ եւ անոնց ուղեկցող պատուիրակութիւնը ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Օգոստոս 27 ի առաւօտեան, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Մոսկուայի Պետական Համալսարանէն խումբ մը ուսանողներ եւ անոնց ուղեկցող պատուիրակութիւնը ։
Պատուիրակութիւնը կը կազմէր Իրաքի Ռուսական Տան նախագահ Դոկտ. Ալք Խալըտի, եւ Կրթական Զարգացման Կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ամար Խալըտի։
Հանդիպման ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Առէն քհն. Մարտիրոսեանը։