Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ Հալէպի մէջ հրադադար պիտի հաստատուի: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն, հրադադարը սկիզբ պիտի առնէ 4 նոյեմբերին եւ այն պիտի ըլլայ 10 ժամուան համար: Որոշումը համաձայնեցուած է Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ:
Հալէպի մէջ աւելիվ վաղ ռուս-սուրիական համագործակցութեան արդիւնքով մարդասիրական դադար հաստատուած էր, որուն ժամանակ բացուած 8 միջանցքներով քաղաքէն կրնային հեռանալ խաղաղ բնակիչներն ու գրոհայինները:
Ռուսական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ` անցնող 14 օրերուն ռուսական ու սուրիական օդային ուժերը գրոհներ չեն իրականացներ Հալէպի մէջ:
Նշենք, որ BBC Arabic կայանը նախապէս հաղորդած էր, որ սուրիական բանակը օդային գրոհներ կատարած է ընդդիմադիրներու տիրապետած «Հայ ալ ռաշիտին» շրջանին վրայ: