Սուէյտա նահանգի տուրզիներով բնակեցուած շրջանին մէջ քանի մը օր տեւած արիւնահեղութենէն ետք Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարհ շաբաթ օր յայտարարած է անյապաղ եւ համապարփակ հրադադարի մասին։ Արիւնահեղութեան հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 700 մարդ։ Այս մասին հաղորդած է Reuters-ը։
Սուրիոյ նախագահը կոչ ըրած է բոլոր կողմերուն պահպանելու հրադադարի ռեժիմը եւ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները բոլոր շրջաններուն մէջ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Թոմ Պարաքը յայտարարած է, որ Իսրայէլը եւ Սուրիան համաձայնութեան եկած են Սուէյտա նահանգին մէջ հրադադարի շուրջ։