image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան կապի մէջ է Երեւանի հետ, այդ շարքին՝ Սամուէլ Կարապետեանի գործին վերաբերող հարցերու շուրջ. Փեսքով

Մոսկուան կապի մէջ է Երեւանի հետ, այդ շարքին՝ Սամուէլ Կարապետեանի գործին վերաբերող հարցերու շուրջ. Փեսքով

Մոսկուան կապի մէջ է Երեւանի հետ, այդ շարքին՝ Սամուէլ Կարապետեանի գործին վերաբերող հարցերու շուրջ: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը Ռուսիոյ կարեւոր դաշնակիցն է: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացած են եւ բազմակողմանի։

«Այո, ի հարկէ։ Մենք կապի մեջ ենք մեր գործընկերներու հետ Հայաստանի, Երեւանի մէջ… Եւ, ի հարկէ, քանի որ Կարապետեանը նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացի է, համապատասխան կապերը կ՚իրականացուին», – լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը՝ պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք Մոսկուան կապի մէջ է Երեւանի հետ Կարապետեանի գործով։