image

Մոսկուան աջակից՝ համաձայնութեան

Մոսկուան  աջակից՝ համաձայնութեան

Մոսկուան կ'աջակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման , տրամադրուած է կողմերու միջեւ վստահութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտ ստեղծելու, ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Տենիս Կոնչարը:

«Կ'աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցման: Ռուսական կողմը տրամադրուած է այսուհետեւ եւս ամէն կերպ օգնելու Պաքուին եւ Երեւանին` գտնելու շփման կէտեր, ստեղծելու վստահութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտ: Ընդ որում` մենք կ'ողջունենք երրորդ երկիրներու նախաձեռնութիւնները, որոնք կրնան լրացնել մեր եռակողմ ջանքերը, այլ ոչ թէ հիմնուիլ աշխարհաքաղաքական խաղերու տրամաբանութեան վրայ», ըսած է Կոնչարը:

Ան նշած է, որ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրագործման շրջանակին մէջ կը լուծուի խնդիրներու ամբողջ համալիր մը, այդ շարքին` ատրպէյճանա-հայկական սահմանի սահմանազատման եւ անոր յաջորդող սահմանագծման, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային ապաշրջափակման գործընթացի մեկնարկը: