image

Մոսկուա կը խեղաթիւրէ երկխօսութեան բովանդակութիւնը. Ֆրանսայի ԱԳ նախարար

Մոսկուա  կը խեղաթիւրէ երկխօսութեան բովանդակութիւնը. Ֆրանսայի ԱԳ նախարար

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէն ըսած է, որ Փարիզի շահերէն այլեւս չի բխիր Ռուսիոյ ներկայացուցիչներու հետ քննարկումներ ունենաելը, քանի որ Մոսկուան կը խեղաթիւրէ նման երկխօսութեան բովանդակութիւնը։ Այս մասին ան յայտարարած է France24-ին եւ RFI-ին տուած համատեղ հարցազրոյցին։

«Այժմ մեր շահերէն չի բխիր ռուս պաշտօնեաներու հետ քննարկումը, քանի որ հրապարակուող հաղորդագրութիւնները սուտ են», -ըսած է Սեժուրնէն։

Ան ենթադրած է, որ Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը վերսկսելու համար «թերեւս նախ պէտք է վստահութիւն հաստատել, եւ թերեւս առաջին հերթին տեսնել զարգացումներ Ուքրանիոյ ռազմաճակատին վրայ, որ յարաբերութիւնները վերականգնուին»։

Մեկնաբանելով պաշտպանութեան նախարարութեան մակարդակով ռուս եւ ֆրանսացի պաշտօնեաներու վերջին պաշտօնական շփումը, Սեժուրնէն ըսած է, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան երկարամեայ աւանդոյթն այժմ փակուղիի մէջ է»: