image

«Մոռցուած հայրենիք»ը ցուցադրուեցաւ՝ Պէյրութի մէջ

«Մոռցուած հայրենիք»ը ցուցադրուեցաւ՝ Պէյրութի մէջ

 Եգիպտացի բեմադրիչ՝ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» ֆիլմը ներկայացուեցաւ Պէյրութի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Պէյրութի «Ազդակ»էն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Չորեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին:

Ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, որ յիշեցուց բեմադրիչ Նաժիի «Միջազգային ընտանիքը Արցախի հարցին մէջ չի խորանար, ուստի իմ պարտաւորութիւնս է շարժանկարին ճամբով ճշմարտութիւնը ըսելու» եւ «Միջազգային ընտանիքը պէտք է տեղեակ պահել, պէտք է իրողութիւնը գիտնալ եւ Հայաստանի կողքին կանգնիլ, որպէսզի այն, ինչ որ պատահեցաւ, անգամ մը եւս չկրկնուի» խօսքերը:

«Խօսքով ու գործով արժանի եղար հայ ժողովուրդի եւ հալածանքի ենթակայ բոլոր ժողովուրդներու անկեղծ բարեկամի կոչումին», ըսաւ Զուլիքեան` յիշեցնելով, որ Նաժի Իրաքի, Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Ռուանտայի, Ուկանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ եւս վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստած է:

Խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ձեռնարկի կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, ինչպէս նաեւ` ժապաւէնի պատրաստութեան նպաստած բոլոր անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն: Ան նաեւ յիշեցուց Գարեգին Նժդեհի «Ոչ մի տեղ առանց Սիւնիքի ու Արցախի: Առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող» խօսքը:

 

«Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ ժապաւէնի բեմադրիչ Իսամ Նաժի, որ ներկայացուց ժապաւէնի պատրաստութեան համար կատարուած աշխատանքները:Ան յայտնեց, որ նշեալ վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստած է` նկատի ունենալով Սիւնիքի` իբրեւ աշխարհագրական տարածքի, Հայաստանի ապագայի համար ունեցած կարեւորութիւնը եւ այն դժուար ու մտահոգիչ պայմանները, որոնք ներկայիս այնտեղ կը տիրեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով: