image
Հրատապ լուրեր:

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին մէջ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը

Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին մէջ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը

Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին մէջ ներառելու դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ դրուած է 21 Փետրուարին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակ մը յղած էր Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ներառուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։

Նամակին մէջ շեշտուած էր, որ հայկական եկեղեցւոյ գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։

Յանձնաժողովը ընդունեց դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ դրուեցաւ Ուրբաթ, 21 Փետրուար  յետմիջօրէին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին:

Արարողութեան ներկայ էին առաջնորդներ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ինչպէս նաեւ Բարսեղ եպս. Պաղտասարեան եւ նահանգային ու քաղաքային մակարդակի այլ պաշտօնատարներ։ Ներկայ էին նաեւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն Նիք եւ Տիլըն Խաչիկեանները, որոնք վերջերս, նահանգային մակարդակի վրայ, պասքեթպոլի նոր մրցանիշներ հաստատեցին։

Արարողութիւնը սկսաւ հոգեւորականներուն միացեալ աղօթքով եւ դրօշակի արարողութեամբ,  իսկ արարողութեան ընթացքին, Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումէն ծերակուտական Պապ Արչուլեթա յայտարարեց, թէ որոշումը գործնականացումն է այն համոզումին, թէ յուշարձանը կայ եւ պիտի մնայ։

Իր կարգին, յուշարձանի յանձնախումբէն Մուրատ Մինասեան շեշտեց, թէ այս արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ շնորհիւ յուշարձանին գաղափարը յղացած եւ իրականացուցած անձերու տեսլականին եւ ընթերցեց անունները յուշարձանին հիմնադրութեան յանձնախումբին անդամներուն, որոնք էին հետեւեալները՝ Յակոբ Ապտուլեան, Հրանդ Աղպապեան, Գրիգոր Այվազեան, Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներ, Վարդան Ֆունտուքեան, Յարմիկ Յակոբեան, դոկտ․ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Օշին Քէշիշեան, Ճորճ Մանտոսեան, Յակոբ Մանճիկեան, Միքայէլ Մինասեան, Վազգէն Մինասեան, Պապ Մովէլ, Վարուժան Մովսէսեան, Յակոբ Նազարեան, Միսակ Սեւաչէրեան եւ Ճիւան Թապիպեան։

Շուտով պիտի հաղորդենք այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ։