image

Միշել նամակ գրած է Փաշինեանին եւ Ալիեւին. Politico

Միշել նամակ գրած է Փաշինեանին եւ Ալիեւին. Politico

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշել պիտի վերսկսի Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը, քանի որ պատերազմէն տուժած տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը կը մեծնայ: Այս մասին գրած է Politico-ն, որու հաղորդմամբ՝ իր հետ զրոյցին երկու բարձրաստիճան դիւանագէտներ հաստատած են, որ Միշել նամակ գրած է երկու կողմերուն:

Ան կոչ ըրած է վերադառնալու բանակցային սեղանի շուրջ եւ «աւարտուն տեսքի բերելու խաղաղութեան պայմանագիրը»՝ առաջընթաց գրանցելով չլուծուած հարցերու շուրջ, որոնցմէ է՝ սահմանազատումը:

Այնուամենայնիւ, Պրիւքսէլի մէջ հիասթափութիւնը կ՚աճի ամիսներու ձգձգումներէն եւ դիւանագիտական փակուղիէն ետք: Հակառակ Միշելի հետ հանդիպումներուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չկարողացան Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Եւրոպական քաղաքական համայանքի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս միասին բանակցելու հնարաւորութիւն գտնել, ընդ որում երկու կողմերն ալ մատնացոյց կ՚ընէին իրար՝ որպէս դէմ հանդէս եկող երկիր:

«Վերջիվերջոյ, երկու կողմերն ալ պէտք է դադրեցնեն խաղերը եւ կնքեն գործարքը, քանի որ նախագահ Միշելն ըրած է ԵՄ-ի կողմէ հնարաւոր ամէն ինչ՝ խաղաղութեան պայմանագրին հասնելու համար», -ըսած է Միշելի մօտ կանգնած ԵՄ բարձրաստիճան դիւանագէտը: